Արտեմ Սարգսեան/ Յովսէփ Նալպանտեանի բացառիկ աշխատասիրութիւնը

0

Լոյս տեսաւ ընթերցող լայն զանգուածներուն քաջածանօթ գրագէտ, բանասէր, թարգմանիչ, ազգ.-հաս. գործիչ, վաստակաշատ դասախօս Յովսէփ Նալպանտեանի «Միջազգային պատմութիւն» փառաշուք հատորը (Երեւան, 2018, 720 էջ), որ համաշխարհային անցուդարձերու, նուաճումներու, ձեռքբերումներու եւ կորուստներու ժամանակագրութիւնն է, սկսեալ 1789-էն մինչեւ 2015 թուականները:
Սոյն գիրքը իւրայատուկ ձօն է Էրեբունի-Երեւան մայրաքաղաքի հիմնադրման 2800-ամեակին:
Ի՞նչն է, որ չափազանց բնորոշ է գրագէտ Յովսէփ Նալպանտեանին: Ան աշխարհի պատմութեան ծիրէն ներս ըստ արժանւոյն կը ներկայացնէ ինչպէս միջազգային անցուդարձը, այնպէս ալ հայ ազգի, մեր մեծերու ձեռքբերումները՝ առարկայական օրինակներով: Հեղինակը հսկայական գործ կատարած է, ի մի բերելով միջազգային իրադարձութիւններու, խորհրդանշական անցուդարձերը եւ այլն: Շնորհիւ այս աշխատութեան՝ ընթերցողը տեղեակ կ՛ըլլայ, թէ միջազգային Նոպէլեան մրցանակները ըստ տարիներու ո՞ր երկիրներու գրողները, եւ այլ մասնագիտութեան, ստացած են: Նաեւ տարբեր երկիրներու ղեկավար (նախագահներ, վարչապետներ) անձիք քանի տարի պաշտօնավարած են եւ այլն:
Այս հսկայածաւալ հատորի նախամուտքին բերած է Հենրի Միլըրի դիպուկ ասոյթներէն մէկը. «Աշխարհի պատմութիւնը, պատմութիւնն է առանձնաշնորհեալ քիչերու»: Յովսէփ Նալպանտեանը այդ առանձնաշնորհեալ քիչերու մէջ կ՛ուզէ աւելի շատ հայորդիներ ըլլան, հայ ընթերցողը քաջատեղեակ ըլլայ ոչ միայն այսօրուան իրականութեանը, այլեւ ոչ վաղ անցեալին եւ մանաւանդ ապագայ ակնկալիքներուն:
Կը թերթատես այս ծաւալուն հատորը եւ կը խորհիս, թէ ե՞րբ եւ ի՞նչպէս կը հասցնէ հեղինակը ի մի բերելու, հանրագիտարանային տեսքի բերելու հազարաւոր թիւեր ու փաստեր, դէմքեր եւ դէպքեր: Չմոռնանք, որ ան հեղինակ է մօտ 7000 էջ ծաւալի մենագրութիւններու: Ինչ կը վերաբերի «Միջազգային պատմութիւն» հատորին, ըսենք, որ միայն անձնանուններու ցանկը -68 էջ- կը պարունակէ շուրջ 5000 անուն-մականուն:
Հեղինակը բարեխղճօրէն կը ներկայացնէ, թէ ո՛ր թուականին եւ ո՛ւր բացուած է այս կամ այն հայկական ամէնօրեայ վարժարանը: Այդ կապակցութեամբ արժէ նշել, որ վերջին տարիներուն Յովսէփ Նալպանտեանը ստիպուած էր բազմիցս շեշտել, որ Սփիւռքի տարածքին բազում վարժարաններ գոցուած են եւ այլ կրթօճախներ այդ ճանապարհին են…:
Եւ այդպէս բազում թիւեր, փաստեր, տարիներ, տարբեր տուեալներ, արժանայիշատակ դէպքեր: Թերթատելով այս արժէքաւոր հատորը, ընթերցողը ոչ միայն կը ծանօթանայ համահաւաք տուեալներու, ապացոյցներու արտաքին կողմին, այլեւ կը խորանայ բազում երեւոյթներու խորքին մէջ, կ՛ըմբռնէ, թէ ինչպէս տեղի կ՛ունենայ մարդկային զարգացումն ու առաջընթացը: Ահա հենց այդ իրողութիւնը հաշուի առնելով, կը կարծենք, որ սոյն հրատարակութիւնը պէտք է իր մնայուն տեղն ունենայ կրթական հաստատութիւններու գրադարաններէն ներս, մշակութային կեդրոններուն եւ առհասարակ իւրաքանչիւր հայորդու տունին մէջ եղած թէկուզեւ քանի մը տասնեակ գիրքերու շարքին:
Արժէ նշել նաեւ, որ Յ. Նալպանտեանին գիրքին մէջ կան նաեւ բացառիկ փաստաթուղթերու պատճէններ, վաւերաթուղթեր (եւ քիչ չեն ատոնք), որ ոչ միայն հայ պատմաբանը, այլեւ իւրաքանչիւր հայորդի հարկ է ծանօթանայ, աւելի խորը ըմբռնելու համար անցեալի (եւ ոչ միայն) դէպքերու եւ դէմքերու իրական վիճակները (օր. էջ 275-276, 329-339, 340-341, 348-349 եւ այլն):
Այսպէս, աշխատասիրութեան 328-րդ էջը կը ներկայացնէ շատ կարեւոր փաստ մը: Պատրիարք Մատթէոս Իզմիրլեանի խորհուրդ-խրատը: «Զգոյշ եղէք եւ խոհեմ ձեր պահանջներու ատեն, ձեր ամէն մէկ քայլը կ՛արձանագրուի անոնց (իմա՝ թուրքերու, Ա.Ս.) ոճրածին գլուխներուն մէջ…»: Ինչպիսի՜ հեռատեսութիւն…
Մէկ այլ փաստ եւս: Բժիշկ Մահզար Օսմանի Կոմիտաս վարդապետի հիւանդութեան մասին տուած տեղեկագիրն իր թարգմանութեամբ (տե՛ս էջ 365):
Գիրքը տպագրուած է «Էտիթ Պրինտ» հրատարակչութեան տպարանում:
Այսպիսով շնորհիւ Յովսէփ Նալպանտեանի գիտական այս նոր հրատարակութեան հայ ընթերցողն իր ձեռքի տակ կ՛ունենայ համապարփակ համայնագիտարան մը, միջազգային պատմութեան ժամանակագրութիւնը, որ իր տեսակին մէջ առաջինն է:
Խորհրդանշական է գիրքի մէջ բերուած մէջբերումներէն մէկը, որ կը պատկանի Մխիթար Անեցիին. «Պատմութիւնը մեռած գիտութիւն չէ եւ անոր կարեւոր խնդիրներէն է՝ նաեւ կողմնորոշելը ու անցեալի լոյսով ապագան լուսաւորելը»: Հեղինակը՝ Յովսէփ Նալպանտեանը, հայ ընթերցողին կը տրամադրէ բացառիկ արժէքի լուսարձակ մը, որ վստահաբար կ՛օգնէ հայ ընթերցողին կողմնորոշուելու եւ «անցեալի լոյսով» ներկան եւ ապագան աւելի ընդգրկուն տեսնելու:
Վարձքդ կատար, վաստակդ արդար հայ մատենագիտութեան եւ միջազգային պատմութեան խորահմուտ գիտակ եւ անխոնջ մշակ Յովսէփ Նալպանտեան:

«Եղիցի լույս»
Թիվ 1 (191) 2019

Տարածել

Պատասխանել